2014-09-13 08:34:31

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Իտալիոյ ''Ռէտիփուլիայի'' յուշահամալիրին` համաշխարհային առաջին պատերազմի հարիւրամեակին առթիւ։


Շաբաթ 13 սեպտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաջին աշխարհամարտի հարիւրամեակին առիթով, մեկնեցաւ Իտալիոյ Ֆրիուլի-Վենեցիա – Ճուլիա մարզը ուր կը գտնուի Ֆոլիանօ - Ռէտիփուլիայի զինուորական յուշահամալիրը որ նուիրուած է համաշխարհային առաջին պատերազմի զոհերուն եւ ուր զետեղուած են համաշխարհային պատերազմի զոհ` 100 հազար զինուորներու դիակները։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի այս ճամբորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետի Ռէտիփուլիա կատարած այցելութեան 22 տարիներ ետք` Ան յուշահամալիրը այցելած էր 3 Մայիս 1992-ին։
Ֆրանչիսկոս Պապը ''Ռոնքի Տէյ Լէճոնարի'' օդակայան ժամանեց 8,50 անց ուր զինք դիմաւորեցին Կորիցիա թեմի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Քարլօ Մարիա Ռէտայելլին։
Իտալիոյ Բանակի գլխաւոր մատրանապետ` Գերապայծառ Սանթօ Մարչիանօ, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտուելով Ֆրանչիսկոս Պապի սոյն այցելութեան մասին ըսած էր` ''Սրբազան Քահանայապետի Իտալիոյ ''Ռէտիփուլիայի'' յուշահամալիրին կատարած այցելութիւնը, պատերազմներու դէմ նախազգուշացում մըն է'' եւ ընդգծած էր թէ միեւնոյն ատեն նախազգուշացում է նաեւ մոռացութեան դէմ, որովհետեւ այսօրուայ աշխարհը կը թուի կարճ յիշողութեամբ աշխարհ մը։
Իտալիոյ բանակի գլխաւոր մատրանապետը մատնանշած էր թէ յիշողութեան վերականգնումը կը սատարէ յայտնաբերելու մանկավարժական, մշակութային, կրօնական եւ մարդաբանական ուղիներ խախաղութեան ձեռք բերումինւ ու անոր իրականացման։
Սրբազան Հայրը Ռէտիփուլիան կ՛այցելէ ոչ թէ փառատօն մը կատարելու այլ աղօթելու։ Աղօթելու առաջին աշխարհամարտի ''անօգուտ ջարդի'' բոլոր զոհերուն համար եւ Աստուծմէ հայցելու խաղաղութեան պարգեւը։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութեան հիմնական նպատակը յայտնած էր միշտ Գերապայծառ Մարչիանոն, շեշտը դնելով այն իրողութեան որ հարկաւոր է ճանչնալ մարդուն կեանքի արժանաւորութիւնը ու պաշտպանել մարդկային կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.